2015-03-23 14:18:00

Կարդինալ Օպրիէնի հրաժարականը` հաղորդագրութիւն։


(Ռատիօ Վատիկան) Կարդինալական դասի աւագերէց կարդինալի հրատարակած մէկ  հաղորդագրութիւնը կը տեղեկացնէ թէ Ֆրանչիսկոս Պապը ընդունեց Կարդինալ Քէյթ Միքայէլ Փաթրիք Օպրիէնի, աղօթքի երկար խորհրդածութեան աւարտին, երկայնացուցած հրաժարականը Ծիրանաւորի տիտղոսէն, ըստ եկեղեցական իրաւագիտութեան 349, 353 եւ 356 յօդուածներուն։

Այս կարգադրութեամբ Սրբազան Հայրը Սքովտիայի Եկեղեցւոյ համայն հաւատացեալներուն կը յայտնէ իր հովուական խնամակալութեան մօտիկութիւնը զանոնք քաջալերելով վստահութեամբ յարատեւել վերանորոգումի եւ հաշտութեան ճանապարհով։








All the contents on this site are copyrighted ©.